06
May
Առաջնագիծի Վրայ 225 Գերժամանակակից Տեսադիտարկման Սարք Տեղադրուած է․ ՊՆ Խօսնակ
0 Comment
ՀՀ ՊՆ ԶՈւ ժամկէտային անձնակազմի 74 տոկոսը արդէն կը սնուի նոր
սննդակարգով, իսկ Մայիս 8-էն թիւը պիտի հասնի 90 տոկոսի։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ պաշտպանութեան
նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանէն։
«Առաջնագիծի վրայ տեղադրուած է 225 գերժամանակակից տեսադիտարկման սարք։ Արդիւնաբերական հոսանք ստացած է 64, մշտական ջուրով ապահովուած է 134 մարտական
դիրք։ Մոտուլային բաղնիք կահաւորուած է 35 մարտական դիրքի մէջ։ Մարտական
դիրքերու անձնակազմի 54 տոկոսը կը սնուի նոր սննդակարգով»,- գրած է Ստեփանեանը,
որ մէջբերած է կառավարութեան ծրագրի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին ՀՀ
վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տարեկան զեկոյցի տուեալներէն։
Source: Yerakouyn