Արցախա-ատրպէյճանական Ատրպէյճանական Սահմանին Հրադադարի Խախտումներուն Քանակը Կտրուկ Նուազած է. Դաւիթ Բաբայեան
Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վերջին շրջանին կտրուկ նուազած է հրադադարի խախտումներուն քանակը, ըսած է Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան:
«Խախտումներու քանակը կտրուկ նուազած է Ատրպէյճանի կողմէ: Սահմանային վիճակը ընդհանուր առմամբ կայուն է: Սա մենք կ՛ողջունենք, բայց միւս կողմէն հակառակորդը չէ վերանայած իր քաղաքականութիւնը, որ հիմնուած է թշնամանքի վրայ: Ան կը շարունակէ իր հակահայկական քաղաքականութիւնը բոլոր ոլորտներու մէջ: 2018-ի ամենալայնածաւալ զօրավարժութիւնները ըրած ե իրենց պատմութեան ընթացքին: Մենք գործ ունինք պետութեան մը հետ, որ ահաբեկչական է, չի ալ թաքցներ Արցախի կործանման իր երազանքները, Սեւանի, Երեւանի գրաւումը եւայլն»,- ըսած է Բաբայեան:
Հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է սահմանին լարուածութեան նուազումը կապել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գործող կապի հաստատման հետ, Բաբայեան պատասխանեց, որ պատճառները տարբեր կրնան ըլլալ:
«Տարբեր բաներու հետ կարելի է կապել, բայց էութիւնը չէ փոխուած: Փաստը կայ, բայց անոր նպատակները չեն փոխուած: Մենք միշտ ըսած ենք, որ Ատրպէյճան այն երկիրն է, որ ամենաանյարմար եւ անսպասելի պահուն, ամենանենգ ձեւով կրնայ դիմել ամենաանկանխատեսելի քայլի»,- նշած Բաբայեան:
Source: Yerakouyn