Արցախը Միջազգային Տարբեր Գործընթացներու Մէջ Ներգրաւելու Համար Ծրագիրներ Կ՝իրականացնենք. ԱԳ նախարար
2018-ին ընդլայնուած է Արցախի ապակեդրոնացուած համագործակցութեան աշխարհագրութիւնը:
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, Յունուար 14-ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է ԱՀ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան՝ մանրամասնելով, որ անցեալ տարուան ընթացքին Արցախի եւ օտար պետութիւններու վեց քաղաքներու միջեւ ստորագրուած են համագործակցութեան յուշագրեր:
«Այդ քաղաքներէն չորսը ֆրանսական են, երկուքը՝ Մերձաւոր Արեւելքէն: Շնորհիւ կնքուող յուշագրերուն՝ 2018-ի ընթացքին Արցախի տարբեր համայնքներու մէջ իրականացուած են ծրագիրներ կրթութեան, ենթակառուցուածքներու ստեղծման, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան ոլորտներէն: Կազմակերպուած է նաեւ հինգ օտար քաղաքապետերու այց Արցախ, եւ այդ ընթացքին եղած են քննարկումներ, նախանշուած են համագործակցութեան հեռանկարներն ու ընելիքները: Կան նաեւ այլ համաձայնութիւններ»,- նշած է Մ. Մայիլեան:
ԱԳ նախարարի խօսքով՝ գերատեսչութիւնը կարեւոր կը համարէ միջազգային համագործակցութիւնը եւ կ՝իրականացնէ ծրագիրներ, որպէսզի Արցախը ներգրաւուած ըլլայ միջազգային տարբեր գործընթացներու մէջ:
«Մեր աջակցութեամբ կազմակերպուած են Արցախի տարբեր պատուիրակութիւններու այցեր` թէ՛ գործադիր եւ թէ՛ օրէնսդիր իշխանութիւններու մակարդակով: Անցնող տարուան ընթացքին՝ ԱՀ Նախագահի գլխաւորութեամբ՝ պատուիրակութիւն մեկնած է Ուաշինկթըն. այցը շատ արդիւնաւէտ էր: Հանդիպումներ կային պաշտօնական մակարդակով, Սփիւռքի ներկայացուցիչներու հետ: Տարբեր գերատեսչութեան ղեկավարներ այցելած են Եւրոպա եւ Մերձաւոր Արեւելք` ձեռք բերելով գործնական համաձայնութիւններ: Ընդունած ենք պատուիրակութիւններ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութիւններէն, ինչպէս նաեւ Մերձդնեստրի Մոլտովական Հանրապետութենէն՝ փոխվարչապետի գլխաւորութեամբ եւ այստեղ առաջին անգամ ստորագրուած է պայմանագիր առեւտրային ներկայացուցչութիւններ հիմնելու վերաբերեալ, որ ներկայիս հաստատման փուլի մէջ է: Գերատեսչութիւնը կ՝աջակցի նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան զարգացման: Մասնաւորապէս՝ անցեալ տարի՝ Ֆրանսա այցելած է Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, շարք մը պատգամաւորներ՝ ԱՄՆ, Եւրոպա, եւ այլ երկիրներ: Մենք եւս ընդունած ենք տարբեր պատգամաւորներ` Եւրոպական խորհրդարանէն, Կիպրոսէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն եւ Քալիֆորնիայէն»,- աւելցուցած է Մ. Մայիլեան:
Source: Yerakouyn