Արցախի Մէջ Հարիւրաւոր Կամաւոր Ազատամարտիկներ Գրանցուած են Առաջնագիծ Մեկնելու Համար
Այսօր վաղ առաւօտէն Արցախի Ազատամարտիկներու միութեան շէնքի առջեւ հաւաքուած են բազմաթիւ ազատամարտիկներ եւ երիտասարդներ` ցանկութիւն յայտնելով անյապաղ մեկնելու առաջնագիծ:
Artsakhpress-ի թղթակիցի հետ զրոյցին ԱԱՄ վարչութեան աշխատակից Ալվարօ Շէկեան տեղեկացուցած է, որ արդէն հարիւրաւոր կամաւոր ազատամարտիկներ գրանցուած են անմիջապէս առաջնագիծ մեկնելու համար:
«Մենք բոլորս կազմ-պատրաստ կը սպասենք ԼՂՀ ՊԲ հրամանատարութեան կոչին եւ անհրաժեշտութեան պարագային անյապաղ կը մեկնինք առաջնագիծ:
«Իմ կարծիքով թշնամական հերթական վայրագութիւնն է մեր դէմ: Սակայն այժմ որեւէ բան չի կրնար զիրենք փրկել մեզմէ: Չեմ հասկնար քանի անգամ պիտի պարտուին, որպէսզի վերջապէս հասկնան, որ իրենք թոյլ են, կռուող չեն եւ չեն կրնար մեզի յաղթել:
«Վստահաբար կ’ըսեմ, երբ անհրաժեշտութիւն յառաջանայ եւ մենք մասնակցինք ռազմագործողութիւններուն, անոնք նոյն պահուն թող տեղափոխեն Բարդա քաղաքի խաղաղ բնակչութեիւնը»,- ըսած է ազատամարտիկը:
Source: Yerakouyn