Գագիկ Ծառուկան, Սամուէլ Ալեքսանեան, Գրիգորի Մարգարեան. Ազգային Ժողովի 16 Միլիոնատէրերու Ցուցակը Գլխաւորող Եռեակը
Այսօր «ԱԺ մոնիտորինգ» ծրագիրը լրագրողներուն ներկայացուց 5-րդ գումարման խորհրդարանի 9-րդ նստաշրջանի գործունէութեան եւ պատգամաւորներու գոյքի ու եկամուտներու 2012-2016 թուականներու յայտարարագիրներու դիտարկման արդիւնքները:
«ԱԺ մոնիտորինգ» ծրագրի փորձագէտ Բաբկէն Թունեանը, ներկայացնելով արդիւնքները, նշած, որ ամենաշատ դրամական յայտարարագիրը ունի Գագիկ Ծառուկեանը` 16,6 միլիառ դրամ, 34 միլիոն տոլար: Գագիկ Ծառուկեանի եկամուտները 2015-ին կտրուկ նուազած են` մօտ 100 միլիոն տոլարով, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ ան այդքանով աղքատացած է, որովհետեւ ատոր փոխարէն աճած են անոր փոխառութիւնները, ձեռք բերած արժէթուղթերը:
Երկրորդ տեղը ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր, գործարար Սամուէլ Ալեքսանեանն է, ի դէպ`Սամուէլ Ալեքսանեանի կնոջ յայտարարագրած միջոցները աւելի շատ են:
Երրորդ տեղը ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Գրիգորի Մարգարեանն է:
Ազգային Ժողովին մէջ կան 16 միլիոնատէրեր` տոլարային մասով:
2015-ին ամենաշատ եկամուտներ ունեցած են Գագիկ Ծառուկեանը, երկրորդը` Աշոտ Արսէնեանը, որմէ ետք` Գուրգէն Արսէնեանը, Մհեր Սեդրակեանը, Արայիկ Գրիգորեանը, Մանուէլ Գրիգորեանը:
Բոլոր` 131 պատգամաւորները միասին 2015-ին ունեցած են 12,5 միլիառ դրամի, 47,7 միլիոն տոլարի եւ 15,3 միլիոն եւրոյի եկամուտ կամ, տոլարային արժէքով, 90 միլիոն տոլարի եկամուտ:
Եթէ 2015-ի սկիզբը պատգամաւորները իրենց արժոյթը կը պահէին հիմնականօրէն դրամով, ապա տարուայ վերջը` տոլարով:
Ամենաշատ փող ունի ԲՀԿ խմբակցութիւնը, երկրորդ տեղը ՀՀԿ խմբակցութիւնն է, երրորդը` անկախ պատգամաւորները:
ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեանը դրամական միջոցներ չէ յայտարարագրած, բայց անոր կինը 126 միլիոն դրամ եկամուտ յայտարարագրած է:
Եկամուտներու աղբիւրներուն մասով առաջին տեղը փոխառութիւններու դիմաց ստացուած հատուցումներն են, երկրորդ տեղը` շահաբաժինները, երրորդը` նուիրատուութիւնները, իսկ աշխատավարձը եկամուտի ընդամէնը 4,9 տոկոսը կը կազմէ:
Source: Yerakouyn