Գերմանիոյ Խորհրդարանը Անձեռնմխելիութենէ Զրկած է Ատրպէյճանէն Կաշառք Ստանալու Մէջ Մեղադրուող Պատգամաւորը
Գերմանիոյ խորհրդարանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկած է պատգամաւոր Քարին Շթրենցը:
Ան կը մեղադրուի Ատրպէյճանէն կաշառք ստանալու եւ այդ երկրի շահերու լոպպինկով զբաղուելու մէջ: Նոյն գործով կը մղադրուի նաեւ Գերմանիոյ Քրիստոնէա-ընկերվարական միութիւն կուսակցութեան նախկին պատգամաւոր Էդուարդ Լինթները:
Գերմանիոյ խորհրդարանը անցած տարի Շթրենցը տուգանած էր 20 հազար եուրոյով Ատրպէյճանէն ստացած լրացուցիչ վարձատրութեան մասին խորհրդարանին ժամանակին չտեղեկացնելու համար:
Անոր նկատմամբ կասկածները ի յայտ եկած են դեռ 2017-ին Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ կաշառակերութեան գայթակղութեան ընթացքին: Մասնաւորապէս, անոր անունը յիշատակուած է Եւրոպայի մէջ Պաքուի շահերը լոպպինգ ընելու համար կաշառքներու մասին անկախ փորձագէտներու 2018-ի Ապրիլին հրապարակուած զեկոյցին մէջ:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ կաշառակերութեան գայթակղութեան հիմնական մասնակից, խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Էդուարդ Լինթներ իրեն պատկանող եւ Պաքուի կողմէ ֆինանսաւորուող ու Ատրպէյճանի լոպպինկը իրականացնող Line M-Trade խորհրդատուական կազմակերպութեան մէջ աշխատանքի ընդունած է Կարին Շթրենցը:
«Թրանսփարընսի Ինթերնէյշնլ» հաշառակերութեան դէմ պայքարի կեդրոնը հաղորդագրութիւն տարածած է, ուր կը նշուի, որ Ֆրանքֆուրթի դատախազութիւնը գործ յարուցած է Գերմանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Շթրենցի եւ նախկին պատգամաւոր Լինթների դէմ:
Կը նշուի, որ Ֆրանքֆուրթի դատախազը Շթրենցը կը մեղադրէ «ատրպէյճանամէտ դիրքորոշման» միջոցով առնուազն 22 հազար եուրօ կաշառք ստանալու մէջ: ԵԽԽՎ նախկին անդամ Լինթներ կը մեղադրուի Ատրպէյանէն բրիտանական կեղծ ընկերութիւններու միջոցով 2008-2016 թուականներուն մօտ 4 միլիոն եուրօ ստանալու մէջ, որ այնուհետեւ պէտք է փոխանցէր ԵԽԽՎ այլ անդամներու, որոնք ատոր դիմաց դրական կարծիքներ արտայայտած են ատրպէյճանական կառավարութեան մասին եւ նպատակադրուած դէմ արտայայտուած են քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման:
Source: Yerakouyn