31
Jan
Եւրոխորհրդարանը Կուաիտոն Ճանչցաւ Իբրեւ Վենեզուէլլայի Օրինական Նախագահ
0 Comment
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները, Յունուար 31-ին, քուէարկած են Վենեզուէլլայի ընդդիմութեան առաջնորդ Խուան Կուաիտոն երկրի ժամանակաւոր օրինական նախագահ ճանչնալու օգտին։ Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, կը յայտնէ Interfact-ը:
Նման որոշումի մը օգտին քուէարկած է 439 պատգամաւոր, դէմ` 104-ը: 88 պատգամաւոր մնացած է ձեռնպահ:
Source: Yerakouyn