Թուրքիոյ Նախագահը Յայտնուած է «Guardian»-ի Միահեծան Առաջնորդներու Ցանկին Վրայ
Բրիտանական «Guardian» պարբերականի` «2018-ը` միահեծաններու տարի» վերնագիրով յօդուածին մէջ անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ վերջինս ընդգրկած միահեծան առաջնորդներու ցանկին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Diken-ը։
Պարբերականը գրած է, որ 2018-ը այնպիսի տարի էր, որ իշխանութիւն ունեցողները իրենց ձեռնարկած գործողութիւններով վտանգած են միլիոնաւոր մարդոց կեանքեր:
«Guardian»-ը հետեւեալ կերպով բնութագրած է Թուրքիոյ ղեկավարը.
«Նախագահական համակարգի անցման համար ճանապարհ հարթեց եւ յաւելեալ ուժ ձեռք բերաւ»:
ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի մասին կը նշուի, որ սեփական շահերու համար վտանգած է ժողովրդավարութիւնը, շրջակայ միջավայրը եւ մարդու իրաւունքները:
Բացի Թրամփէն եւ Էրտողանէն «միահեծան» առաջնորդներու ցանկին վրայ յայտնուած են Ռուսիոյ, Չինաստանի, Պրազիլի, Վենեզուելլայի, Ֆիլիփիններու, Հիւսիսային Քորիայի նախագահներու, Եգիպտոսի վարչապետի եւ Սէուտական Արաբիոյ արքայազնի անունները:
Source: Yerakouyn