26
Dec
Կարօ Փայլանին Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէն Զրկելու Միջնորդութիւն Ներկայացուած Թուրքիոյ Խորհրդարան
0 Comment
Թուրքիոյ նախագահականէն միջնորդութիւն ներկայացուծ է երկրի խորհրդարան` 8 պատգամաւոր անձեռնմխելիութենէն զրկելու համար:
«Էրմենիհապեր»-ը կը գրէ` խորհրդարանի սահմանադրական եւ արդարադատութեան խառն յանձնաժողովին ներկայացուած յիշեալ միջնորդութեան մէջ 8 պատգամաւորներու ցանկին մէջ է նաեւ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» (HDP-ժԺԿ) Տիարպեքիրէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի անունը:
Մնացեալ 7 հոգիէն 5-ը դարձեալ HDP-էն են: Ցուցակին մէջ զարմանալիօրէն յայտնուած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան պատգամաւոր Ռըզա Փոսաջըն: Իսկ 8-րդը Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ համարուող «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (CHP-ժհկ) պատգամաւոր Եուքսել Մանսուր Քըլըչն է:
Source: Yerakouyn