30
Jul
ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ Դեսպանը Այցելած է Տուժած լրագրողներուն
0 Comment
Այսօր ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչարդ Միլսը Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցի մէջ այցելեց երէկ գիշեր Էրեբունիի մէջ վիրաւորուած լրագրողներուն եւ զրուցեց անոնց հետ: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան ֆէյսպուքեան էջէն։
«Ազատ խօսքի համար անհրաժեշտ է մամուլ, որ հնարաւորութիւն ունի լրատւութիւն հաղորդել՝ առանց վախնալու վնասուածք ստանալէն: Լրագրողներուն վնաս հասցնելը վնաս է ողջ հասարակութեան ու ժողովրդավարական հեռանկարին: Մենք կ’աշխատինք այնպէս ընել, որ երէկ գիշերուան բռնութիւններուն մէջ ներգրաւուած ոեւէ անձ, ներառեալ ուժային կառոյցներու պաշտօնեաները չմասնակցին ԱՄՆ կառավարութեան կողմէն հովանաւորուող որեւէ ուսումնական կամ այլ ծրագրի», -ըսած է դեսպան Միլսը։
Source: Yerakouyn