ՀՀ Նախագահը Հանդիպած է ԱՄԷ Փոխնախագահ, Վարչապետ, Պաշտպանութեան Նախարար, Տուպայի Կառավարիչ Շէյխ Մհամմէտ Պըն Ռաշիտ Ալ Մաքթումի Հետ
Պաշտօնական այցով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Յունուար 17-ին, հանդիպած է ԱՄԷ փոխնախագահ, վարչապետ, պաշտպանութեան նախարար, Տուպայի կառավարիչ Շէյխ Մհամմէտ պըն Ռաշիտ Ալ Մաքթումի հետ:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ նախագահ Սարգսեան եւ Շէյխ Մհամմէտ պըն Ռաշիտ Ալ Մաքթում քննարկած են տարբեր բնագաւառներու մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան, մասնաւորապէս գործարար կապերու ընդլայնման ու ելեւմտական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, կարեւոր համարած զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման միտուած քայլերը։
«Մենք կ’ողջունենք Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր ոլորտներու նկատմամբ էմիրաթական ընկերութիւններու հետաքրքրութիւնը եւ կ’աջակցինք հնարաւոր ներդրողներուն»-, ընդգծած է նախագահ Սարգսեան։
Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է՝ համապատասխան պատուիրակութիւն գործուղելու Հայաստան՝ տեղւոյն վրայ հնարաւորութիւններուն ծանօթանալու եւ գործակցութեան հնարաւորութիւնները քննարկելու նպատակով։
Source: Yerakouyn