ՀՀ Նախագահը Պաշտօնական Այցելութեամբ Կը Մեկնի ԱՄԷ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 14 Յունուարին պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ միաժամանակ կը մասնակցի «Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ» (Abu Dhabi Sustainability Week) համագումարին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ: Քննարկումներուն առանցքը պիտի ըլլան փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման օրակարգին առնչուող ընթացիկ եւ հեռանկարային հարցեր:
Հայաստանի նախագահը Ապու Տապիի մէջ պիտի մասնակցի միջազգային մեծագոյն՝ «Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ» համագումարին, որուն նիստերէն մէկուն ընթացքին հանդէս պիտի գայ իբրեւ գլխաւոր բանախօս:
Համագումարի բացման ներկայ պիտի ըլլայ 4000-էն աւելի մասնակից աշխարհի տարբեր երկիրներէ, որոնց շարքին պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ, դիւանագէտներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ եւ մեծ ձեռնարկատէրեր:
«Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ»ը հեղինակաւոր միջազգային հարթակ է, որուն ծիրէն ներս յայտնի պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, անուանի փորձագէտներ, նորարարներ, մեծ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ կը ներկայացնեն կայուն ապագայի կառուցման առնչութեամբ իրենց տեսլականը, կը քննարկեն ընկերային, տնտեսական, արհեստագիտական այն հիմնական միտումները, որոնք կը ձևաւորեն աշխարհի կայուն զարգացումը: Այս տարի «Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ»ի հիմնական թեմաներէն մէկը պիտի ըլլայ թուայնացումի եւ նորարարական արհեստագիտութիւններու միաւորումը, անոր հետեւանքով ստեղծուող նոր կարելիութիւններն ու լուծումները, որոնք կարեւոր դեր կը խաղան տնտեսական աճը, կայուն զարգացումն ու բարգաւաճումը խթանելու գործին մէջ:
Տարբեր ժամանակներու ընթացքին «Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ»ի շրջանակէն ներս ելոյթներ ունեցած են Ուելզի արքայազն Չարլզ, Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարբայեւ, Նիտերլանտներու թագաւոր Ուիլլիամ-Ալեքսանտր, Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ, ՄԱԿ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Պան Քի-Մուն եւ ուրիշներ:
Source: Yerakouyn