ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 23-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ հաւատարիմ իր սկզբունքներուն ու արժեհամակարգին, համահայկական կառոյցի զօրակցութեամբ, հետամուտ է Հայրենիքի հզօրացման, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու անվտանգութեան համակարգերու ամրապնդման, Հայրենիք-Սփիւռք փոխյարաբերութիւններու խորացման` համոզումով, որ միայն հանրային եւ համազգային համերաշխութեան պայմաններուն մէջ երկիրը ունակ է դիմագրաւելու ներազգային եւ արտաքին մարտահրաւէրները:
ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան Գերագոյն Ժողովը կ՝արձանագրէ.
- 2018 թ. ժողովրդային շարժումով եւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններով պայմանաւորուած՝ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը մտած է բազմաթիւ մարտահրաւէրներու եւ անորոշութիւններու դիմագրաւման նոր շրջափուլ:
- Արցախի հարցով իշխանութիւններու խուսափողական քաղաքականութիւնը մտահոգիչ է եւ չի նպաստեր հիմնախնդրի հանգուցալուծման շուրջ համազգային համախմբման։
- Ազգային, աւանդական, հոգեւոր, մշակութային արժէքներու, պետական խորհրդանիշերու եւ հաստատութիւններու նկատմամբ ուղղորդուած հեղինակազրկման արշաւը, ինչպէս նաեւ ներազգային անհանդուրժողականութեան մթնոլորտը կը սպառնան ազգային անվտանգութեան եւ միասնականութեան:
- Զարգացման ռազմավարական ծրագրերու բացակայութեան, անկանխատեսելի արտաքին քաղաքականութեան, ուղղորդուող արդարադատութեան, իշխանութիւններու որդեգրած գործելաոճի, կառավարման որակներու, ինչպէս նաեւ հանրային կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ շօշափելի արդիւնքներ չարձանագրելու հետեւանքով զգալի է հանրային լաւատեսութեան անկման միտումը:
ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան Գերագոյն ժողովը կը հաստատէ.
- ՀՅ Դաշնակցութիւնը՝ համահայկական կառոյցի իր ողջ ներուժով, պիտի շարունակէ գործել «Զարգանալ` չզիջելով» ռազմավարական նպատակադրումով:
- Հաւատարիմ կուսակցութեան սոցիալիստական գաղափարախօսութեան` Դաշնակցութիւնը հետամուտ պիտի ըլլայ հանրային համերաշխութեան եւ ընկերային արդարութեան հաստատման հրամայականին:
- Իբրեւ ընդդիմադիր քաղաքական ուժ` Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ լուսարձակի տակ պահել կառավարութեան իրականացուցած սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութիւնը՝ հանդէս գալով իբրեւ աշխատաւորութեան, միջին խաւի եւ սոցիալապէս խոցելի խումբերու պաշտպան` հետեւողականօրէն պահանջելով կառավարութենէն` Հայաստանի մէջ ապահովելու սոցիալական պետութեան սահմանադրական պահանջի իրականացումը։
Դաշնակցութիւնը կը ստանձնէ ազգային, ժողովրդավարական, սոցիալիստական գաղափարական հենքով քաղաքական առանցք եւ իշխանութիւն ձեւաւորելու յանձնառութիւն՝ ի խնդիր ինքնիշխան, սոցիալական, իրաւական եւ ժողովրդավարական լիակատար պետութեան կայացման։
Source: Yerakouyn