Մարտ 15-էն Ետք Հայաստան Վերադարձած է 23 000 ՀՀ Քաղաքացի
ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի այսօրուան նիստին ժամանակ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեան յայտնած է, որ Մայիս 4-ին հայրենիք կը վերադառնան Պէյրութէն ՀՀ 20, իսկ Մայիս 6-ին` Ղազախստանէն ՀՀ 30 քաղաքացիներ, կը հաղորդէ “Եռագոյն”ը:
Ընդհանուր առմամբ`
Մարտի կէսերէն սկսած Հայաստան վերադարձած է 23 000 ՀՀ քաղաքացի: Մարտ 15-էն մինչեւ
Մայիս 6 ԱԳՆ խողովակներով Հայաստան տեղափոխուած է 2035 ՀՀ քաղաքացի: Վերադարձածները
ժամանած են Իտալիայէն, Վրաստանէն, Հնդկաստանէն, Ռուսիայէն, Վարշաւայէն, Միացեալ Նահանգներէն,
Քուէյթէն, Թուրքիայէն, Իրաքէն, Ուքրանիայէն, եւ այլ երկիրներէ:
Նախարարը ըսած է, որ
մեծ Ռուսիայէն հայրենիք վերադառնալու ցանկութիւն ունեցող ՀՀ քաղաքացիներուն թիւը: Արտաքին
գործոց նախարարութիւնը պիտի շարունակէ կազմակերպել անոնց վերադարձը:
Source: Yerakouyn