30
Dec
«Մենք ենք, մեր սարերը» Յուշարձանը Հանուեցաւ Ատրպէյճանի Տաղաւարէն. Ապու Տապիի Փառատօն
0 Comment
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ քաղաքի նախկին էմիր եւ Էմիրութիւններու նախկին նախագահ շէյխ Զայտ իպն Սուլթանի պատուին իրականացուած պատմամշակութային ժառանգութեանը նուիրուած ամենամեայ փառատօնը:
Փառատօնին Ատրպէյճանը իր տաղաւարը ներկայացուցած էր արցախեան հանրայայտ «Մենք ենք, մեր սարերը», կամ, ինչպէս ժողովուրդը կ’ըսէ, «Պապիկ-տատիկ» յուշարձանի տեսքով:
Սուրիահայ ձեւաւորող Վարդան Մուրատեան, որ այժմ կը բնակի Լիբանանի մէջ, ԵՌԱԳՈՅՆ-ի հետ զրոյցին յայտնեց, որ ան փառատօնի բացումէն առաջ բողոքով դիմած է նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն, նշելով, որ տուեալ յուշարձանը հայկական է եւ Ատրպէյճանի հետ կապ չունի, սակայն կազմակերպիչները այնուամենայնիւ յուշարձանը տեղադրած են Ատրպէյճանի տաղաւարին մէջ, փառատօնի բացումէն ետք ատրպէյճանական եւ այլ լրատուամիջոցներ անդրադարձած են նոյն հարցին, Վարդանը այդ հրապարակումները ուղարկած է կազմակերպիչներուն եւ դարձեալ յայտնած իր բողոքը, որուն հիման վրայ այսօր երեկոյեան յուշարձանը հանուած է Ատրպէյճանի տաղաւարէն։

Յուշարձանը հանուելու պահուն
Source: Yerakouyn