31
Aug
Մնացականեան եւ Մամետեարով Պիտի Հանդիպին Սեպտեմբերին
0 Comment
Հայաստանի ու Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներուն հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմեբրին` Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք ՄԱԿ Գլխաւոր վեհաժողովի նստաշրջանի ծիրէն ներս. Կը յայտնէ interfax.az-ը: Այդ մասին յայտնած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմեթ Հաճիեւ:
Հանդիպման պիտի մասնակցին նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները:
Հաճիեւի խօսքով` առաջին հանդիպումը ճանաչողական բնոյթ պիտի կրէ:
«Հերթական հանիպման օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորումը ուժգնացնելու հարցը` բանակցային սեղանին առկայ օրակարգի հիման վրայ»,-նշած է ան:
Source: Yerakouyn