Մնացականեան Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Կարեւոր Կը Համարէ Մարդկութեան Դէմ Յանցանքները Կանխելու Առումով
ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Հայոց Ցեղասպանութեան
ճանաչումը կարեւոր կը համարէ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները կանխելու
առումով։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Մնացականեան ըսած է Ապրիլ 21-ին տեղի
ունեցած մամուլի ասուլիսին ընթացքին։
«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը քանի մը սերունդներու եւ ամբողջ
հայութեան միասնական գործն է։ Այս առումով կատարուած է հսկայական աշխատանք։ Ինչպէս
բոլոր նախորդ տարիներուն ընթացքին, երբ ունեցած ենք դժուարութիւններ, այս տարի եւս
դժուարութիւնները առկայ են, բայց երբեւէ չենք դադրեցուցած մեր յարգանքի
տուրքը մատուցել նահատակներուն ու միասնական ձայնը հնչեցնել ցեղասպանութիւններու
դէմ։ Այս տարի աշխարհի մէջ ապրող բոլոր հայերը հնարաւորութիւն պիտի ունենան բերելու իրենց
մասնակցութիւնը եւ այդ միասնական ձայնը հնչեղ դարձնելու, որ 105 տարի
անց հայ ժողովուրդը կը շարունակէ պայքարիլ արդարութեան վերականգնման համար։
Հայոց Ցեղասպանութեան
ճանաչումը կարեւոր քայլ է մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու եւ ոճրագործութիւններու
կանխարգիլման առումով»,- ըսած է Մնացականեան։
Ապրիլ 24-ի ձեռնարկներուն պիտի սահմանափակուի քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը։
Source: Yerakouyn