Նոր Կորուստներ Թշնամիի Շարքերու մէջ
Ատրպէյճանական բանակը մարտերու ընթացքին ուղղաթիռէն բացի կորսնցուցած է նաեւ ԱԹՍ եւ հրասայլ: Յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան բանակի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան։
Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին ողջ երկայնքով շարունակուին ռազմական բախումները: Առաւել թեժ են մարտերը ռազմաճակատի վերածուած առաջնային գիծի հարաւային (Հադրութ) և հիւսիսարեւելեան (Մարտակերտ) ուղղութիւններով: Հաստատուած տուեալներով ղարաբաղեան ուժերը մարտագծի հարաւարեւելեան ճակատին շարքէ հանած են 2 հրասայլ, հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ՝ մէկ հրասայլ եւ մէկ անօդաչու թռչող սարք:
Այս հաղորդագրութիւնը պատրաստման ընթացքի մէջ էր, երբ յայտնի դարձաւ, որ ժամը 12:30-ի սահմաններուն ՊԲ հակաօդայիններու կողէնց հարաւարեւելեան ուղղութեամբ խոցուած է թշնամիի եւս մէկ ռազմական ուղղաթիռ, իսկ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ՝ 1 անօդաչու սարք: Այս մասին կը յայտնէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը։
Source: Yerakouyn