Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցւոյ Խաչը Պոկած Անձը Ձերբակալուած է
Պոլսոյ Սկիւտար
թաղամասին մէջ գտնուող
հայկական Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակման առթիւ մէկ անձ ձերբակալուած է:
Պոլսոյ գլխաւոր
հանրապետական դատախազութենէն լրատուամիջոցներուն
յայտնած են,
որ «Աղօթատեղիներուն վնաս պատճառելու» մեղադրանքով հետաքննութիւն
սկսած է:
Նշենք, որ օրեր առաջ անյայտ անձը վայրագօրէն պոկած ու գետին նետած է եկեղեցւոյ մուտքի դարպասներուն վրայ տեղադրուած խաչը:
Ատելութեան հողի վրայ իրականացուած յարձակման պահը արձանագրած էին եկեղեցւոյ անվտանգութեան տեսախցիկները:
Յարձակման մասին բողոք ներկայացուած է ոստիկանութիւն, իսկ
պոկուած խաչի փոխարէն տեղադրուած է նորը: Ոստիկանութեան
մէջ տեսախցիկներու տեսագրութեան օգնութեամբ պարզուած է յարձակում կատարած
անձի ինքնութիւնը, եւ ձերբակալուած: Դէպքի առթիւ հետաքննութիւնը կը շարունակուի:
Source: Yerakouyn