06
May
Պոլսոյ Մէջ Թարգմանուած եւ Հրատարակուած է Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը» Ժողովածուն
0 Comment
1915թ․ Ապրիլ 24-ին ձերբակալուած եւ մահուան ուղարկուած արեւմտահայ
մեծանուն գրողներղն մէկուն՝ Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են
թրքերէն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։
Պոլսահայ «Արաս»
հրատարակչութիւնը՝ Օհաննէս Շաշկալի թարգմանութեամբ՝ հրատարակած է
«Հացին երգը» ժողովածուն։
Անդրադառնալով Վարուժանի ստեղծագործութեան ու ժողովածուի թարգմանութեան՝ թրքական
«Gazete Duvar» թերթը գրած է․ «Հացի երգիչը» ապրուստի
հիմնական աղբիւր հանդիսացող գիւղական կեանքը ծայրաստիճան մանրամասն, աշխոյժ եւ
կրքոտ լեզուով վերածած է բանաստեղծութեան։
«Հացին երգը» միանգամայն կարելի է ընկալել «ձօն աշխատանքին» եւ «ժողովուրդի հացը»
իմաստներով»։
Source: Yerakouyn