«Վայելէ՛ Երաժշտութիւն & Աջակցի՛ր Երեխաներուն». Յայտնի Երգիչները Համերգով Պիտի Օգնեն Մարզերու Երեխաներուն
Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ
ապրող երեխաներուն գիտարուեստական սարքերով ապահովելու նպատակով Մայիս 6-էն երեք օր շարունակ տեղի պիտի ունենայ բարեգործական
առցանց համերգ` «Վայելէ՛ երաժշտութիւն
& աջակցի՛ր երեխաներուն» խորագիրով:
Երաժշտական կատարումները հնարաւոր պիտի ըլլայ ունկնդրել Eworld
Kids Foundation / Իվորլդ Մանկական Հիմնադրամի «Ֆէյսպուք»-ի պաշտօնական էջին վրայ`
Մայիս 6-ին, 20:30-էն սկսած:
«Եռագոյն»-ի փոխանցմամբ
այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը։
Համերգին նպատակն է
զարգացնել առցանց ուսուցումը մարզերու մէջ, ինչպէս նաեւ խրախուսել մարզերու երեխաներուն`
բացայայտելու եւ կիրառելու առցանց հարթակի կրթական բազմատեսակ հնարաւորութիւնները:
Ծրագիրը բացառիկ է,
քանի որ նախաձեռնողները մարզերու երեխաներն են: Անոնք պարբերաբար դիմած են վերոնշեալ
հիմնադրամին, որպէսզի գիտարուեստական սարքաւորումներու աջակցութիւն ստանան իրենց հարեւան
գիւղերու ընկերներուն համար: Արդիւնքով կազմակերպուած է վերոնշեալ համերգը: Հաւաքուած
սարքերը իրենց գիւղի ընկերներուն պիտի բաժանեն այն երեխաները, որոնց նախաձեռնութեամբ
կ՛իրականացուի առցանց համերգը:
Համերգային ծրագրին միացած
են Ռոպերթ Ամիրխանեանը, Վահագ Ռաշը, Միքայէլ Ոսկանեանը, Անտրէ Սիմոնեանը, Քրիստինա
Սահակեանը, «Բամբիռ», «Լաւ էլի», «YellowStones», «Ոստան հայոց», «Նուրի» խումբերը,
Project LA-ը, Արամ MP3-ն, Լիլիթ Բլէեանը, Գարիկ Հայրապետեանը, InRock Quintet-ը,
FIX Freedom Is Expensive-ը եւ այլք:
Անոնք, որոնք կը ցանկան
աջակցիլ երեխաներուն, կրնան որեւէ գումար փոխանցել Ամերիա դրամատան
1570058629070100 հաշուեհամարին: Ստացող` «Իվորլդ Մանկական Հիմնադրամ»: Նպատակը` օգնել
երեխաներուն տեխնիկական միջոցներով:
Կրնան նուիրաբերել
նաեւ համակարգիչ, հեռախօս, պլանշետ (եթէ աշխատող չեն, կը վերանորգուին):
Նախաձեռնութիւնը կ՛իրականացնեն
Eworld Kids Foundation / Իվորլդ Մանկական Հիմնադրամը եւ «Մարզերի երեխաները մարզերում»
ծրագրի մարզաբնակ աշխոյժ երեխաները:
Source: Yerakouyn