Փաշինեան Հանդիպած է Պրազիլի Նախագահին, Լիւքսեմպուրկի եւ Եգիպտոսի Վարչապետներուն Հետ
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաւոսի մէջ ընթացող Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի ծիրէն ներս կարճատեւ հանդիպումներ ունեցած է Պրազիլի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարուի, Լիւքսեմպուրկի վարչապետ Քսաւյէ Պէթէլի եւ Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի հետ:
Ինչպէս կը հաղորդէ ՀՀ կառավարութեան մամլոյ վարչութիւնը, վարչապետ Փաշինեան եւ Պրազիլի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարուն անդրադարձած են երկու երկիրներու համագործակցութեան օրակարգային տարբեր հարցերու: Անոնք բարձր գնահատած են հայ-պրազիլական բարեկամական յարաբերութիւններու մակարդակը եւ նշած փոխգործակցութեան ոլորտներու ընդլայնման կարեւորութիւնը:
Լիւքսեմպուրկի վարչապետ Քսաւյէ Պէթէլի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր: Նիկոլ Փաշինեան եւ Քսաւյէ Պէթէլ կարեւոր նկատած են տնտեսական փոխգործակցութեան զարգացումն ու առեւտրատնտեսական կապերու ընլայնումը: Այդ առումով, կողմերը ընդգծած են երկու երկիրներու կառավարութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու աշխուժացման եւ յստակ քայլերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:
Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի հետ հանդիպման քննարկուած են երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական փոխգործակցութեան, գործարար կապերու խորացման վերաբերող հարցեր: Նիկոլ Փաշինեան եւ Մուսթաֆա Մատպուլի ընդգծած են գործարար համաժողովներու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը, որոնց ընթացքին գործնականօրէն կը քննարկուին համատեղ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւններն ու ուղղութիւնները: Զրուցակիցները կարեւոր համարած են Եւրասիական Տնտեսական Միութեան եւ Եգիպտոսի միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագրի ստորագրումը: Մատպուլի նշած է, որ այդ գործին մէջ կ՛ակնկալէ Հայաստանի կառավարութեան աջակցութիւնը:
Source: Yerakouyn