Փաշինեան Հանդիպում Ունեցաւ Պելառուսիոյ եւ Խրխզիստանի Նախագահներուն Հետ
Եւրասիական տնտեսական միութեան բարձրագոյն խորհուրդի նիստի ծիրէն ետք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 14ին, Սոչիի մէջ հանդիպում ունեցաւ Պելառուսիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքոյի հետ:
Հայկական կողմէն հանդիպման մասնակցեցան փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, ԱԳ նախարար Զոհրաբ Մնացականեան եւ ԱԳՆ խորհրդական, ԱՊՀ վարչութեան պետ Արմէն Ղեւոնդեան:
Պելառուսիոյ կողմէ ներկայ էին Պելառուսիոյ փոխվարչապետ Վասիլի Մաթիւշեւսքին, արտաքին գործոց նախարար Վլադիմիր Մաքէյ, ԱԳՆ ստորաբաժանման ղեկավար Ալեքսէյ Սամոսուեւ:
«Արմենփրես»-ի թղթակիցի փոխանցմամբ` Փաշինեան-Լուքաշենքօ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ Խրխզիստանի նախագահ Սոորոնպէյ Ժէենպեքովի հետ համդիպումը: Հայկական պատուրիակութեան մէջ էին փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, ԱԳ նախարար Զոհրաբ Մնացականեան, Ռուոսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեան, վարչապետի օգնականներ Վարուժան Ներսէսեան, Ռուբեն Ռուբինեան եւ ԱԳՆ խորհրդական, ԱՊՀ վարչութեան պետ Արմէն Ղեւոնդեան:
Խրխզիստանի կողմէ հանդիպման մասնակցեցան ՂՀ փոխվարչապետ Ժենիշ Ռազաքովով, ԱԳՆ Էրլան Ապտիլտաեւ, նախագահի աշխատակազմի արտաքին կապերու բաժնի պետ Տանիյար Սիտիքով, Ռուսիոյ մէջ Խրխզիստանի դեսպան Պոլոտ Ութունպաեւ, նախագահի աշխատակազմի արտաքին կապերու բաժնի փորձագէտ Քալենտէր Մուլքուպատով:
Source: Yerakouyn