Փութին Փաշինեանը Շնորհաւորած է Հայաստանի Վարչապետի Պաշտօնին Նշանակուելու Առթիւ
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորական հեռագիր յղած է Նիկոլ Փաշինեանին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին նշանակուելու առթիւ` յոյս յայտնելով, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութիւնը պիտի նպաստէ դաշնակցային փոխգործակցութեան ամրապնդման: Այդ մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամուլի ծառայութիւնը:
ՌԴ նախագահը, մասնաւորապէս, նշած Է, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի փոխյարաբերութիւնները կը հիմնուին բարեկամութեան ու փոխադարձ յարգանքի բարի աւանդոյթներու վրայ, եւ երկիրները արգասաբեր համագործակցութեան զգալի փորձ կուտակած են տարբեր բնագաւառներու մէջ:
«Կ՛ակնկալեմ, որ մեր երկխօսութիւնը եւ համատեղ կառուցողական աշխատանքը նպաստեն ռուս-հայկական դաշնակցային փոխգործակցութեան յետագայ ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Եւրասիական տարածքին մէջ համարկումի գործընթացներու յառաջխաղացման: Ատիկա, անկասկած, կը համապատասխանԷ մեր եղբայրական ժողովուրդներու շահերուն»,-ըսուած Է Ռուսիոյ նախագահի շնորհաւորանքին մէջ:
Source: Yerakouyn