14
Jan
Քալիֆորնիոյ Մէջ Կը Մեկնարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութեան Ուսուցման Ծրագիրը
0 Comment
Ցեղասպանութեան ուսուցման կրթական ծրագիրը (Genocide Education Project) կազմած է Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան դասաւանդման մեթոտիկայի երկամեայ նախագիծ` Քալիֆորնիոյ կրթութեան բաժանմունքի ներկայացնելու համար, կը հաղորդէ «Ասպարէզ» թերթը:
Ծրագրի ներկայացուցիչները 2019-ի Յունիսին ուսուցիչներու համար պիտի կազմակերպեն երկու սեմինար: Բացի այդ, ծրագիրը սկսած է համագործակցելու «Շօա» հիմնադրամի հիմնարկին հետ, եւ երկու կազմակերպութիւնները արդէն անցեալ տարուան Դեկտեմբերին ունեցած են իրենց առաջին հանդիպումը:
Յօդուածին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Թեքսասի կրթական խորհուրդը թարմացուցած է կրթական չափորոշիչները, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներառի որպէս օրինակ ցեղասպանութիւններու, զորս պէտք է ուսումնասիրեն մասնակիցները:
Source: Yerakouyn