Քառօրեայ Պատերազմի Ժամանակ Վիրաւորուած Զինուորը Աստիճանաբար Կը Վերականգնի
Ան ազնուօրէն կատարեց իր պարտքը: Տեսնելով, որ թշնամին իր դիմաց է, գիտակցաբար գնաց առաջ ու ճանապարհէն ետ չդարձաւ:
Իր անունը Աւետիս է, բայց ծնողները այդ օրը` Ապրիլ 4-ին, բարի լուր չստացան: Աւետիս Զարգարեան: Հերոսի պէս մինչեւ վերջ մարտնչեցաւ, սակայն ծանր վիրաւորուեցաւ: Քառօրեայ պատերազմին աչքի ինկած եւս մէկ անուն:
Համեստ, քչախօս, բայց նաեւ շատ ուժեղ բնաւորութեամբ երիտասարդ մը, որ չցանկացաւ պատմել իր քաջագործութիւններուն մասին, իր մասին: Ան իրեն հերոս չի համարեր, սակայն անոր մայրը անբացատրելի հպարտութիւն կ՛ապրի: Եւ իսկապէս կրնայ հպարտանալ, քանի որ ընդունի Աւետիսը, թէ ոչ, անոր արարքը հերոսական է: Անոր մօր` Սոնիա Զարգարեանի խօսքով, ան ընդհանրապէս չի սիրեր խօսել իր հերոսութեան, չ՛ուզեր բարձրաձայնել այդ մասին:
Տիկին Սոնիան ըսաւ, որ Աւետիսը միշտ հասնող, աշխատասէր, կամեցող երեխայ եղած է: «Միջնակարգ կրթութիւնը աւարտելուց յետոյ ընտանիքով գնացինք Ռուսաստան` Կրասնոդար: Յետոյ ինքը չցանկացաւ մնալ այնտեղ, ասաց, որ պէտք է վերադառնայ եւ ծառայի հայրենիքին: Կրասնոդարից եկաւ ու մեկնեց Թալիշ` առաջին գիծ: Ծառայել է 1 տարի 3 ամիս, Յունուարին արդէն պէտք է զօրացրուէր: Սակայն ծառայութիւնը կիսատ մնաց, քանի որ վիրաւորուեց թշնամու գնդակից», – կը պատմէ մայրը:
Աւետիսի ստացած վէրքերը շատ էին եւ ծանր: Զայն Ստեփանակերտէն տեղափոխած են Մուրացանի հիւանդանոց, սակայն յոյս չեն տուած, որ կ’ապրի: Ան վիրաւորուած էր ծնօտէն, գնդակը անցած էր մարմնով` վնասելով վեց ողը, ողնուղեղը: Վնասուած է նաեւ ողնաշարը:
«Ներկայ դրութեամբ նա արդէն չորս վիրահատութիւն է տարել, եւ դեռ էլի պէտք է արուեն բժշկական գործողութիւններ: Շատ շնորհակալ ենք հոսպիտալի բժիշկներին, ովքեր իմ որդուն բուժում են եւ փորձում նրան ոտքի կանգնեցնել: Ինքը հրաշքով փրկուել է, եւ ես հաւատում եմ, որ կը վերականգնուի եւ ոտքի կը կանգնի», – կը պատմէ տիկ․ Սոնիան:
… Աւետիսը կը մտածէ ապաքինուելուն պէս երթալ եւ ծառայութիւնը աւարտել:
«Արցախփրես»
Source: Yerakouyn