10 Տարեկան Մարիամիկի Վիրահատութեան Առաջին փուլը Բարեյաջող Անցաւ
ԵՌԱԳՈՅՆ-ի սիրելի՛ ընթերցողներ,
10 տարեկան Մարիամիկը վիրահատեցին Երեւանի «Աստղիկ» Բժշկական կեդրոնէն ներս: Անոր ողնուղեղը ճնշող ուռեցքը մասնակի հեռացուած է, համապատասխան վիրահատական բոլոր միջամտութիւնները այս փուլին համար բարեյաջող իրականացուած են: Այժմ կը սպասենք գոյացութեան հետազօտութեան արդիւնքներուն, որմէ ետք սրտցաւ ու մասնագէտ բժիշկները պիտի կայացնեն յաջորդ քայլին վճիռը։
ԵՌԱԳՈՅՆ-ի ընթերցողներուն կողմէն հաւաքուած $700 յատկացուեցաւ Մարիամի բուժման ծախսերուն։ Անոր հարազատներուն անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք այս բարեգործութեան նպաստած մեր ընթեցողներուն։
“Այս պահուն Մարիամը մեր տեսած ամենահոգատար բուժանձնակազմի հսկողութեան տակ կը կազդուրուի”,- կ’ըսեն Մարիամի հարազատները։
Աղօթենք, որ Մարիամիկը լիովին փուժուի եւ աջակցինք այդ բարեգործութեան։
Source: Yerakouyn